211652_close_icon
views-count3115 դիտում article-date 22:05 27-04-2023

Ապրիլ 24-ը այլեւս սուգի օր չէ, այլ՝ պայքարի․ Ղամիշլիի հայերը ուխտով հիշատակեցին Ցեղասպանության օրը

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Կիրակի, 23 եւ Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2023-ին Գամիշլիի հայութիւնը հաստատակամ եւ միասնական ոգիով իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Հայոց Մեծ եղեռնի սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։ Տեղեկանում ենք «Գանձասար» պարբերականից։ 

Տեղի ունեցաւ ջահերթ, մոմավառութիւն, կեդրոնական ձեռնարկ, Ս. Եւ Անմահ Պատարագ եւ ծաղկեմատոյց, կազմակերպութեամբ Կեդրոնական Յանձնախումբին, մասնակցութեամբ Արժ. Տ.Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Պատկան Մարմինի, ազգային երեսփոխաններու, թաղականութեան, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան։

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին նուիրուած կեդրոնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, Շաբաթ,23 Ապրիլի երեկոյեան:

Հանդիսավարներ Գէորգ Նազարեան եւ Նարօտ Յովհաննէսեան հրաւիրեցին ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը անմահ նահատակներուն, որմէ ետք հնչեց Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան Ատենապետ երկրչ. Վարդան Մուրատեան, որ պատմական ակնարկով անդրադարձաւ Մեծ Եղեռնի դրդապատճառներուն եւ ներկայ Արցախի իրավիճակին, ապա շեշտեց հայութեան որ կեցուածքներուն մէջ հաստատ մնալու աննկուն կամքը եւ հաւատքը։

Օրուան խորհուրդը տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգ. երեսփոխան բժշկ. Անդրանիկ Սարգիսեան։ Ան ըսաւ, որ պահանջատիրական երթը մեզ կտակած են մեր նահատակները եւ այսօր Արցախի կանչը մեզ հաստատ կը պահէ մեր ուխտին նկատմամբ մինչեւ արդար հատուցում եւ արդար լուծումը Հայ Դատին։

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» Մասնաճիւղի երաժշտանոցի մենակատար Սիւզի Յովհաննէսեան-Դաւիթեան, փոքրիկն Տաթեւիկ Դաւիթեան եւ երաժիշտներ Քրիստ Միքայէլեան եւ Յարութ Մատարճեան։ Ապա ելոյթ ունեցաւ «Վանայ» պարախումբը, պարուսոյց Նանար Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ։

Գեղարուետական յայտագիրին մասնակցեցան նաեւ ՍԵՄ-ի Նիկոլ Դուման Մասնաճիւղի ընկերները: Սագօ Սիմոնեան մենեգեց «Նրանք ընկան» երգը, Քրիստ Միքայէլեանի երգեհոնի ընկերակցութեամբ։ Մեծ Եղեռնի նուիրուած քերթուածներու համադրում մը ներկայացուցին Մերի Սարգիսեան, Մարինա Աւետիսեան, Արեգ Պետրոսեան, Արամ Զատիկեան, Յակոբ Գասպարեան եւ Սեւակ Սիմոնեան։

Հոգշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ շեշտեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետեւեալ կոչը հայութեան. «Իրարու դէմ խօսիլը քաջութիւն չէ, իրարու հետ խօսիլն է քաջութիւնը»: Աւելցնելով ըսաւ, որ մեր նահատակներուն պատգամը միասնութիւնը, համախմբումը եւ կողք-կողքի կանգնիլն է՝ հասնելու մեր հետապնդած նպատակներուն։

Նմանատիպ նյութեր