211652_close_icon
views-count4581 դիտում article-date 13:15 23-02-2018

Ստամբուլի հայ համայնքը Պոլսո Հայոց պատրիարքի ազատ ընտրության անցկացման պահանջով ստորագրահավաք է կազմակերպել

Ստամբուլահայ համայնքը ստորագրահավաք է սկսել [url=https://www.change.org/p/narekian-patrik-se%C3%A7imi-hemen-%C5%9Fimdi?recruiter=64393368&utm_source=share_petition&utm_medium=copylink&utm_campaign=share_petition]change.org[/url] կայքում՝ Պոլսո Հայոց պատրիարքի ազատ ընտրության անցկացման պահանջով: Հայտարարության մեջ ասվում է. «Վերջին զարգացումները պատճառ դարձան, որպէսզի բազմապատկուին մեր այն մտահոգութիւնները, որոնք սկսած էին զարգանալ ընտրեալ վերջին պատրիարք Մեսրոպ Բ-ը անգործութեան դատապարտած դժբախտ հիւանդութեան տխուր ու անձկալի շրջանին։ Պատրիարքի՝ դատաբժշկական մարմիններու կողմէ հաստատուած մտագարութեան արդիւնքին, անգիտակից ու անգործունակ վիճակին միջանկեալ լուծում մը գտնելու յոյսով ու խառնակութիւններու առաջքն առնելու համար Արամ արք. Աթէշեան 2010-ին պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ նշանակուեցաւ (հակառակ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի նախընթացներուն)։ Դժբախտաբար այս միջոցին որեւէ հրաշք չէ պատահած ու պատրիարքի առողջական վիճակը աւելի քան ինը տարիէ ի վեր կայուն է։ Ուր որ ալ ըլլայ, ո՛չ մէկ աթոռ կարելի է թափուր թողել այսքան երկար ժամանակ։ Ո՛չ մէկ տեղ կարելի է փոխանորդութեան նման երկարաձգում մը, երբ բուն աթոռակալը գործունակ չէ։ Ըստ եկեղեցական նախընթացներու, աթոռը թափուր կը հռչակուի՝ եթէ եօթ տարի չէ գործած։ Պատրիարքը թէեւ ի կեանս է, սակայն աւելի քան 9 տարիէ ի վեր անգիտակից անկողնոյ կը ծառայէ։ Թափուր է պատրիարքական գահը՝ կեանքի անխուսափելի, անժխտելի ու անշրջադարձելի պարագաներու բերմամբ։ Հակառակը պնդել՝ պիտի նշանակէր յայտարարել, թէ Երկիրը չպտտիր իր առանցքին շուրջ։ Կ՚ակնկալենք ու կը պահանջենք, որ վերջ տրուի պատրիարքական աթոռի փոխանորդի մը կողմէ կառավարման, եւ թափուր գահը հանրային քուէարկութեան արդիւնքին օժտուի հեղինա-կաւոր ու արժանաւոր գահակալով մը՝ ըստ մեր աւանդութիւններուն եւ ըստ մեր քաղաքացիական իրաւունքի։ Կոչ կ՚ուղղենք Թուրքիոյ հայութեան բոլոր անդամներուն ու հաստատութիւններուն՝ որպէս-զի բոլոր հարթակներու վրայ, ամէն միջոց օգտագործելով բողոքեն ու մերժեն այս իրողութիւնը։ Ի դէմս Կրօնական ժողովի, հոգեւորականներուն կը յիշեցնենք իրենց ունեցած պատասխա-նատուութիւնը հանրութեան առջեւ։ Կը հրաւիրենք զիրենք յարգելու իրենց խոստումը։ Կոչ կ՚ուղղենք նաեւ համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն, որպէսզի թօթափեն իրենց ընտրեալ ներկայացուցիչներ ըլլալու հանգամանքին հակասող կրաւորականութիւնը եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելով ըլլան նախաձեռնող։ Վստահ ենք, որ քաղաքացիական հա-կազդեցութիւններն ու պահանջքները նկատի պիտի առնուին քաղաքացիներու հանդէպ զգայուն պետական պաշտօնեաներուն կողմէ։ Հանրային խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի այն ժամանակ միայն, երբ արդարօրէն իրականանայ արդարութեան եւ իրաւունքի հարկը՝ պատրիարքական ընտրութիւնը։ Համակերպումէ, հնազանդութենէ բխած լռութիւնը ո՛չ թէ խաղաղութիւն է, այլ՝ հալածանք»։

Նմանատիպ նյութեր