211652_close_icon
views-count913 դիտում article-date 23:35 13-12-2024

Մի խումբ ուսանողներ հանդիպել են Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի հետ

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի վարչությունը այցելել է Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին։ Հայտնում են Կաթողիկոսության մամուլի ծառայությունից․
 
«Չորեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։ Այցելութեան նպատակն էր, նոր տարեշրջանի սկզբնաւորութեան, Հայրապետը իրազեկ դարձնել միութեան աշխատանքներուն եւ ստանալ անոր հայրապետական օրհնութիւնը։

Իր որդիական երախտագիտական զգացումները յայտնելէ ետք, Զաւէն վարդապետ Նորին Սրբութեան զեկուցեց միութեան 62-րդ տարեշրջանի ծրագիրներուն մասին։ 

Այս առիթով ան նաեւ յայտնեց, որ շարք մը ծրագիրներ կարելի չեղաւ իրականացնել Լիբանանի ու Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութեանց պատճառով, սակայն միութիւնը լիայոյս է, որ յառաջիկայ նոր տարուան ընթացքին յիշեալ ծրագիրները իրականութիւն դառնան։

Հայր սուրբին խօսքէն ետք իւրաքանչիւր վարչական հակիրճ կերպով անդրադարձաւ 2024-2025 տարեշրջանի Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի ծրագիրներուն։
 
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց երիտասարդ վարչականներուն։ Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց հայր սուրբին ու վարչութեան, որոնք հաւատարմութեամբ կ՚իրագործեն միութեան առաքելութիւնը՝ միաժամանակ շեշտելով, որ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի գործունէութիւնը, յատկապէս վերջին տարիներուն, ցոյց կու տայ անոր աշխոյժ կեանքը։ Նորին Սուրբ Օծութիւնը ընդգծեց, թէ այսօրուան երիտասարդութիւնը ո՛չ միայն մեր ազգի ապագան է, այլեւ անոր ներկան է։ 

Հետեւաբար, պէտք է կեդրոնանալ մեր եկեղեցական ու ազգային-մշակութային արժէքները պահպանելու եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու աշխատանքին վրայ։ Այս ոգիով, տեսլականով ու գիտակցութեամբ պարտի այսօրուան երիտասարդութիւնը նայիլ ապագային ու կերտել զայն։

Իր խօսքի աւարտին, Հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց հայր սուրբին ու վարչութեան անդամներուն՝ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի բոլոր ծրագիրներուն բարւոք իրագործման»,- նշվում է հաղորդագրության մեջ։ 

Նմանատիպ նյութեր