211652_close_icon
views-count1129 դիտում article-date 21:48 09-03-2023

Հալեպի միջազգային օդակայանը վերսկսում է իր աշխատանքը

Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ վաղը՝ Ուրբաթ օր, կը վերսկսին Հալէպի Միջազգային Օդակայանէն եւ դէպի օդակայան թռիչքները, գրում է «Գանձասար» պարեբարականը։

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Քաղաքացիական Թռիչքներու Հաստատութեան աշխատակիցները, գործակցելով տեղական ընկերութիւններու հետ, նորոգեցին իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով օդակայանի վնասուած բաժինները։

Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց օդանաւային ընկերութիւններուն վերադասաւորելու Հալէպի Միջազգային Օդակայանին ճամբով իրենց թռիչքները, ինչպէս նաեւ օդակայանին պատրաստակամութիւնը յայտնեցին ընդունելու երկրաշարժին բերումով առաքուած մարդասիրական օժանդակութիւններու օդանաւերը։

Նմանատիպ նյութեր