211652_close_icon
views-count2609 դիտում article-date 14:42 22-11-2020

Գոհաբանության տոնին՝ դրամահավաք և հրաժարման ստորագրահավաք. կոչ ամերիկահայերին

Բոստոնի Հայրենիք շաբաթերթը կոչ է անում նոյեմբերի վերջին հինգշաբթի կայանալիք Համահայկական դրամահավաքին կազմակերպել նաև ստորագրահավաք՝ «յանուն հայութեան, եւ ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի պատուին, դրամահաւաքի կողքին՝ ժամանակն է ապիկար եւ ձախողած վարչապետին եւ իր վարչակազմին հրաժարման պահանջով ստորագրահաւաք կատարելը»,- նշվում է թերթի խմբագրականում: «Այս տարի 23-րդը պիտի ըլլար։ Հայորդիին եւ յատկապէս ամերիկահայուն համար յստակ է, թէ ինչի՞ մասին կը խօսինք։ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գոհաբանութեան Օրուան թելեթոնին մասին է խօսքը, որ կը կատարուէր Նոյեմբեր ամսուան վերջին հինգշաբթին։ Այլ ցամաքամասերու մէջ ալ կը կազմակերպուէին այլ ձեւի դրամահաւաքներ։ Ամէն անգամ, յատուկ ծրագիրներ նկատի կ’առնուէին, նպատակ ունենալով շենցնել, վերանորոգել Արցախն ու Հայաստանի սահմանամերձ շրջանները։ Այսպէս էր որ աւելի քան քսան տարուան պատմութիւն կերտուեցաւ օժանդակութիւններով, հետեւողական ձեւով բարգաւաճման ծրագիրներ կեդրոնացան այդ շրջաններուն մէջ. բազմաճիւղ ծրագիրներ իրականացան՝ կրթօճախներու շինութիւն, գիւղատնտեսութեան, անասնաբուծութեան, ճանապարհաշինութեան զարգացում, վառելանիւթի մատակարարում, ջրամատակարարման, առողջապահական, մշակութային եւ մարմնակրթական կալուածներու զարգացում, առանց մոռնալու նոր մայրուղիներու բացումն ու պահպանումը: Դեռ թարմ են այդ օրերուն բանաձեւուած եւ շեշտուած նշանախօսքերը, թէ՝ Արցախը ունէր հիմնական երկու մարտահրաւէր, առաջին՝ պաշտպանութեան համակարգի զարգացում եւ բարեկարգում, եւ երկրորդ՝ կառուցում եւ վերաբնակեցում: Հայորդին համոզուած էր, որ այս մարտահրաւէրները կարելի էր յաղթահարել, ուրեմն, եւ բնականաբար՝ համահայկական ճիգերով կերտեց կատարելագործուած եւ արդիականացած ենթակառոյցներ: Ժրաջան աշխատանքի իբրեւ արդիւնք, Հատրութի․․․ այո՛, դեռ քանի մը օր առաջ ազերիին «ձօնուած» Հատրութ քաղաքի, Սպիտակաշէն եւ Վանք գիւղերու ջրամատակարարման ծրագիրները ամբողջացած էին: Ըմպելի ջուրի ներքին ցանցի վերակառուցման եւ կոյուղիի համակարգին վերանորոգման աշխատանքներ տարուած էին Ասկերանի, Մարտակերտի, Հատրութի եւ բազմաթիւ այլ շրջաններու մէջ: Նոյն թելեթոններուն շնորհիւ,աննման Շուշիին մօտակայ Քարին Տակ գիւղին մէջ, կառուցուեցաւ մանկապարտէզ, դպրոցի մարզադահլիճ, համայնքային կեդրոն, նաեւ՝ ըմպելի ջուրի համար նոր համակարգ: Նշուած կառոյցներուն մէկ մասը արդէն իսկ քար ու քանդ եղած է ազերիին կողմէ, իսկ կառուցելիին համար կիսաւարտ աշխատանքները մատնուած են անորոշ ճակատագիրի։ Սեպտեմբեր 27-ին սկսած պատերազմը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի միօրեայ խորհրդանշական հանգանակութեան այլապէս նեղ սահմաններէն դուրս բերաւ հայրենաշէն նախաձեռնութիւնը: Հայութիւնը միակամօրէն եւ ինքնաբուխ կերպով, առանց կոչերու սպասելու՝ գործի լծուեցաւ, կարելի բոլոր միջոցներով օժանդակութիւն հասցնելու համար մարտնչող Արցախին եւ արցախցիին: Հիմա տարբեր է Գոհաբանութեան տօնին պարզած պատկերը։ Նիւթական օժանդակութիւնները կը շարունակուին եւ պիտի շարունակուին, անշուշտ Համահայկական հիմնադրամի կանոնադրութեան հիման վրայ, այսինքն այդ գումարները կարելի չէ ծախսել եւ օգտագործել աշխատավարձերու եւ պարգեւներու համար: Այսուամենայնիւ, շա՛տ աւելի հրատապ հարց մը բեմահարթակի վրայ է։ Նոյեմբեր 10-էն ի վեր ծանրօրէն պարտուած կը զգանք։ Արցախ հայրենիքն ու Հայաստանը կործանման սեմին են։ Այս անգամ, յանուն հայութեան, եւ ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի պատուին, դրամահաւաքի կողքին՝ ժամանակն է ապիկար եւ ձախողած վարչապետին եւ իր վարչակազմին հրաժարման պահանջով ստորագրահաւաք կատարելը։ Անդունդի սեմին ենք եւ աւելի՛ն՝ ժամացոյցի դէմ կենաց-մահու մրցում մը պարտադրուած է մեզի: Պէտք է տեսնենք, որ ա՛լ անձերու պաշտպանութեան կամ դատապարտումի փուլէն անդին պէտք է ուղղենք մեր աչքերը, եւ օր առաջ լծուինք ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒԹԻՒՆ փրկելու վազքին՝ ազգային համաձայնութեան ժամանակաւոր կառավարութիւն մը հիմնելով եւ ըստ կարելւոյն փրկելով յաւելեալ կործանման սեմին հասած հայրենիքն ու Արցախը։ [b]«Հայրենիք» Պոսթըն – Խմբագրական»[/b]

Նմանատիպ նյութեր