5523 դիտում
13:01 12-10-2019
«Հայկական Ժողովրդային Շարժում»-ը հայտարարություն է տարածել
[b]
Հայտարարություն[/b]
Բնիկ ազգերը ցեղասպանելու եւ անոնց հայրենիքները յափշտակելու արդիւնքով ստեղծուած Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, պետական ռազմավարութեան հեռահար նպատակներ իրականացնելով, իր կողմէ հետեւողականօրէն առաջ տարուող ծաւալապաշտական քաղաքականութեան հերթական դրսեւորում հանդիսացող նկրտումով, այս օրերուն՝ ռազմական ներխուժում կ’իրականացնէ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան դէմ, ոտնակոխելով անոր պետական գերիշխանութիւնը ու տարածքային ամբողջականութիւնը, սպառնալով նաեւ բնաջնջել տեղաբնիկ քիւրտ եւ այլ ազգութիւններու պատկանող բնակչութիւնը, պատրուակելով տարաբնոյթ անհեթեթութիւններ, որոնք ոչ մէկ առնչութիւն ունին իրականութեան հետ:
Միջազգային հանրութիւնը անգամ մը եւս լուռ եւ անհոգ կը հետեւի արձանագրուող իրադարձութիւններուն, արտաբերելով միայն յաւուր պատշաճի խեղճուկ ու կիսաբերան դատապարտումներ, որոնք քաղաքական նժարի վրայ ոչ մէկ արժէք կամ կշիռ կը ներկայացնեն, եւ դատապարտուած են մնալու անհետեւանք ու անազդեցիկ, ուրուագծուող մարդկային աղէտը կանխարգիլելու կամ դէպքերու յետագայ բացասական զարգացումները բացառելու առումով:
Միացեալ Նահանգներ, որ կրակի տուած է ամբողջ Միջին Արեւելքը, եւ պարզուող տեսարանի դիմաց Նե-րոն կայսրի նման հրճուալից կը զուարճանայ, իրենց յատուկ քաղաքական գռեհկութեամբ, որ իր գործող նախագահի կեցուածքներու ու խօսքերու ընդմէջէն լիարժէք կ’արտայայտուի (որոշներու համար սա քաղա-քական իրապաշտութիւն է), անգամ մը եւս նախամեծար կը համարէ Թուրքիոյ մէջ եւ անոր հետ ունեցած իր շահերը եւ մեծապետական «ասպետականութեամբ» կը դաւաճանէ իր դաշնակիցներուն՝ Սուրիոյ քիւրտերուն: Եթէ քիւրտերը միայն սերտած ըլլային առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին, «ասպետական» Ֆրանսայի վերաբերմունքը հայկական լեգէոնին եւ Կիլիկիոյ հայութեան նկատմամբ, հաւանաբար օգտակար դասեր քաղած եւ համապատասխան հետեւութիւններու յանգած կ’ըլլային:
Ռուսաստան, որ այլ առիթներով՝ Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահ-պանման վերաբերեալ խիստ եւ անզիջող դիրքերէ հանդէս կու գայ, իր հին ու նոր սիրահար Թուրքիոյ՝ միջազգային իրաւունքի ակնյայտ ոտնակոխում ենթադրող այս քայլին շատ մեղմ, նոյնիսկ փաղաքշական ոճի հնարքներով շարադրուած արտայայտութիւններով կ’անդրադառնայ, հաւանաբար՝ դեռ իր մեծապետական հաշուարկներուն մէջ կը գերիշխէ Լենին–Քեմալ համագործակցութեան տրամաբանութիւնը, որ հարիւր տարի առաջ կործանման եզրին հասած օսմանեան Թուրքիան փրկեց վերջնական մասնատումէ, ի հաշիւ տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներու ազգային եւ պատմական արդար իրաւունքներուն:
Իսկ Եւրոպան՝ այդ անդէմ, անզգայ եւ անջիղ միաւորումը, որու իսկական դէմքը քօղարկուած է արդարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան պսպղուն կարգախօսներու ետին, արդէն քանիե-րորդ անգամ կ’ապացուցէ, որ իր համար աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնէ Թուրքիոյ մէջ բազմամիլիառի հասնող իր ներդրումներու ապահովութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը, քան որեւէ այլ վեհ նպատակ, ազնիւ գաղափար կամ իրաւական սկզբունք, նոյնիսկ արժանապատուութիւն, փաստ՝ Էրտողանի կողմէ գրեթէ ամէնօրեայ յաճախակա-նութեամբ իր երեսին շպրտուած թուքն է, որ Եւրոպայի ղեկավարները մեծագոյն վեհանձնութեամբ կը համարեն...անձրեւի կաթիլներ:
Իրերու այս դասաւորութեան դիմաց, իրաւազրկուած ժողովուրդներու եւ անոնց ազատագրական պայ-քարը առաջնորդող ուժերուն համար կը մնայ միայն միասնական պայքարի եւ անշահախնդիր համագոր-ծակցութեան ուղին, որ պէտք է վերանորոգ հաւատքով, միջազգային եւ տարածաշրջանային իրադրութեան խորացուած եւ շրջահայեաց գիտակցումով, նաեւ ուժերու յարաբերակցութեան իրապաշտ գնահատումով վերաիմաստաւորուի եւ վերաբանաձեւուի, որպէս բոլորի յաղթական երթի միակ երաշխիք:
12 Հոկտեմբեր 2019
[b]ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄ
ՎԵՐԱԿԱԶՄԵԱԼ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ [/b]
Նմանատիպ նյութեր
2308 դիտում
17:12 02-03-2021
Հայկական ժողովրդային շարժումը հայտարարություն է տարածել
2319 դիտում
21:00 16-11-2020
«Հայաստանի ժողովրդական շարժում»-ը հայտարարություն է տարածել
Այս բաժնից
10501 դիտում
17:45 30-10-2024
Անդո՛, նստելու ես «խիյարը թարս բուսնեց»․ Շահինյանը հոկտեմբերի 27-ից փակագծեր բացեց. Hayeli.am