Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսությունը մասնակցել է Եկեղեցիների համաշխարհային խորհրդի խորհրդաժողովին
Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսությունը մասնակցել է Եկեղեցիների համաշխարհային խորհրդի առնչված հանձնախմբերի և վերագրության խմբերի խորհրդաժողովին, հայտնում են Կիլիկիո կաթողիկոսությունից․
«Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) յանձնախումբերու եւ Կեանքի, Արդարութեան եւ Խաղաղութեան Վերագրութեան խումբերու 2026 թուականի միացեալ խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, Թայլանտի Չիանկ Մայ քաղաքին մէջ, հիւրընկալութեամբ Թայլանտի Church of Christ բողոքական եկեղեցիներուն, համագործակցութեամբ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին:
Սոյն ժողովին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Գերապատիւ Տ. Հրանդ Ծայրագոյն Վարդապետ Թահանեան, իբրեւ «Ցեղապաշտութեան, այլատեացութեան, դասակարգապաշտութեան եւ ամէն տեսակի խտրականութեան» (Reference Group on Overcoming Racism, Xenophobia, Casteism and all forms of Discrimination) վերագրութեան խումբի անդամ եւ համա-ատենապետ, ինչպէս նաեւ խորհրդաժողովի բանաձեւի յանձնախումբին անդամ:
Կաթողիկոսարանի Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) անդամ Արշաւ Ճէրէճեան, յանուն Կաթողիկութեան, մասնակցութիւն բերաւ յիշեալ համաժողովին՝ որպէս «Կլիմայի արդարութեան եւ կայուն զարգացման եկեղեցիներու յանձնաժողով»ի անդամ (Commission of the Churches on Climate Justice and Sustainable Development), ուր ունեցաւ լիբանանահայ երիտասարդի իր ներդրումը:
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջին Արեւելքի բաժանմունքի պատասխանատու Գարլա Խիժոյեան առանցքային դերակատութիւն ունեցաւ խորհրդաժողովի ծրագրման մէջ: Ան ղեկավարեց նաեւ էքիւմէնիք աշխարհի բերած խաղաղութեան բարոյականութեան առնչուած նիտին՝ Moving Beyond Just Peace and Just War? Reimagining Ecumenical Peace Ethics in an Age of Militarisation and Violence խորագիրով»: