211652_close_icon
views-count1000 դիտում article-date 21:27 25-10-2024

Դետրոյթի հայ համայնքը դիմավորել է Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին

Դետրոյթի հայ համայնքը դիմավորել է Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին, հայտնում են Կաթողիկոսության մամուլի ծառայությունից․ 

«Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմին շնորհած իր հովուապետական օրհնաբեր այցելութիւնը աւարտեց Միշիկըն նահանգի Տիթրոյթ քաղաքին մէջ հաստատուած հայ համայնքին հետ հանդիպումներ ունենալով։ Այս համայնքը արեւելեան հայոց թեմի մեծագոյն համայնքներէն մէկն է:
 
Երկուշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2024-ին, Նորին Սրբութիւնը եւ իր շքախումբը ժամանեցին Տիթրոյթ։ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։

«ՀՐԱՇԱՓԱՌ»Ի ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
 
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2024-ին, Տիթրոյթի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մուտքին Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեանի, բազմահարիւր հաւատացեալներու, եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութիւններու կողմէ:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, յանուն Արեւելեան թեմին խօսք առնելով առաջնորդ սրբազան հայրը՝ յայտնեց, որ Վեհափառ Հայրապետը հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող ծանր պայմաններուն, յանձն առաւ այցելութիւն շնորհել Ամերիկայի ափերուն վրայ հաստատուած իր ժողովուրդի զաւակներուն։ Հետեւաբար, մեր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Նորին Սուրբ Օծութեան եւ իբրեւ եկեղեցւոյ ծառայողներ կը վերանորոգենք մեր ուխտը՝ հաւատարմօրէն շարունակել ծառայելու մեր ազգի զաւակներուն։ Ապա, ան հրաւիրեց Հայրապետը՝ ուղղելու իր պատգամը։
 
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամին մէջ բարձօրէն գնահատեց առաջնորդ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ թեմին մէջ կատարուող տքնաջան աշխատանքը: Ան յիշեցուց, թէ հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի սիրեցեալ զաւակներո՛ւն ուղղուած առաքելութիւն է: Եկեղեցին նոյնինք ժողովուրդն է։ Եկեղեցին մեր գաղութներու կեանքին կեդրոնն է: Մեր ժողովուրդը, դարեր շարունակ, իր հաւաքական կեանքը կեդրոնացուցած է եկեղեցւոյ շուրջ՝ միշտ հաղորդակից մնալով անոր կեանքին: Այսօր, նոյն ոգին ու նոյն յանձնառութիւնը կը սպասենք մեր ազգի զաւակներէն, շեշտեց ան: Իր պատգամի երկրորդ հատուածին մէջ Հայրապետը խօսեցաւ «Հայր մեր»ի վերջին բաժինին մասին (այլ փրկեա զմեզ ի չարէ, զի Քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս)։ Հայրապետը բացատրեց չարը եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Խօսելով չարին մասին՝ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ ան զանազան միջոցներով կը ջանայ թափանցել մեր կեանքէն ներս: 

Հարկ է զգոյշ ըլլալ եւ չարտօնել անոր թափանցումը, ինչպէս ըրաւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս։ Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսեցաւ Աստուծոյ արքայութեան ճշգրիտ իմաստին մասին: Ան նշեց, որ մեր ժողովուրդին մօտ թիւր հասկացողութիւն մը տարածուած է արքայութեան գծով: Աստուծոյ թագաւորութիւնը ժամանակներու աւարտին տեղի ունենալիք իրականութիւն մը չէ, այլ Քրիսոտսի հետ աշխարհ եկած վիճակ մըն է: Քրիստոս իր մարդեղացումով արքայութեան դռները բացաւ մարդուն առջեւ: Իսկ ժամանակներու աւարտին պատահելիքները Աստուծոյ թագաւորութեան վերջնական ձեւաւորումն ու հաստատումն են, ըսաւ Նորին Ս. Օծութիւնը:
 
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Տիթրոյթի հայորդիները մօտենալով Վեհափառ Հայրապետին՝ համբուրեցին անոր աջը եւ ստացան անոր հայրական օրհնութիւնը: Ապա, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք՝ ի պատիւ Նորին Սրբութեան: Հաւաքի ընթացքին համայնքի զանազան մարմիններու ու կազմակերպութիւններու աշակերտները ամփոփ յայտագիր մը ներկայացուցին ներկաներուն: Յաջորդաբար խօսք արտասանեցին հովուապետական այցելութեան ժամանակաւոր յանձնախումբի ատենապետ Արա Թոփուզեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Սեդա Չոպանեան, Հ.Յ.Դ.ի շրջանի հերթապահ Սեպուհ Հացագործեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ Քհն. Գէորգեան։ Ապա, տէր հայրը եկեղեցւոյ ընտանիքին անունով Վեհափառ Հայրապետին նուիրեց անոր դիմապատկերը:
 
Ընթրիքի աւարտին, Սրբազան հայրը յանուն արեւելեան թեմին խնդրեց Վեհափառ Հայրապետին վերջին օրհնութիւնը եւ զինք հրաւիրեց իր հայրական յորդորները փոխանցելու: Նորին Սրբութիւնը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շեշտեց հայ արժէքներուն, իտէալներուն ու եկեղեցւոյ կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը։ Ան ըսաւ, թէ այսօր գեղեցիկ նուէր մը ստացայ ձեզմէ, սակայն ինծի տրուելիք ամենաշքեղ նուէրը մեր եկեղեցւոյ, նուիրական արժէքներուն ու երազներուն նկատմամբ ձեր հաւատարմութիւնն է մեր եկեղեցւոյ ու այս համայնքին նկատմամբ։

Երեկոն աւարտեցաւ Հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհնեգրով»։

Նմանատիպ նյութեր