982 դիտում
20:05 08-07-2024
Արամ Ա Կաթողիկոսը շնորհավորել է Իրանի նորընտիր նախագահին
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսը շնորհավորել է Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուդ Փեզեշքիանին.
«Երկուշաբթի, 8 Յուլիս 2024-ին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Մասուտ Պեզեշքեանին ուղղած իր յատուկ նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, թեմերուն եւ յատկապէս Իրանի հայութեան, ջերմօրէն շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը՝ որպէս նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան:
Իր նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով հայ եւ պարսիկ ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Իրանի պատմական յարաբերութեան եւ բարի դրացնութեան, յոյս կը յայտնէ, որ պատմութենէն ժառանգուած բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը վերանորոգ ոգիով պիտի շարունակուի՝ յատկապէս ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:
Նորին Սրբութիւնը խօսելով Իրանի հայութեան մասին՝ կը յիշեցնէ, թէ ան անբաժան մասը կը կազմէ իրանեան ընկերութեան եւ անոր ներկայութիւնը երկրէն ներս պատմական հարուստ խորք ունի. եւ Իրանի հայութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել երկրին առաւել զարգացման՝ զանազան բնագաւառներէն ներս: Նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կը յիշէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Մշակութային Կեդրոնին ու Կրօնական Երկխօսութեանց Բաժանմունքին հետ շարունակուող երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ ի խնդիր ներկայ ժամանակները յուզող ընկերաբարոյական հարցերու քննարկման:
Վերջապէս, Նորին Ս. Օծութիւնը ողջունելով Մասուտ Պեզեշքեանին նախագահ ընտրութիւնը՝ կը մաղթէ, որ անոր բոլոր ծրագիրները ու յոյսերը իրականանան»:

Նմանատիպ նյութեր
1524 դիտում
22:14 13-03-2022
Արամ Ա Կաթողիկոսը շնորհավորել է ՀՀ նորընտիր նախագահ Վահագն Խաչատուրյանին
3446 դիտում
20:35 20-06-2021
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհավորագիր է հղել Իրանի նորընտիր նախագահին
1550 դիտում
09:35 25-01-2021
ԱՄՆ-ի հայերը պատրաստ են գործակցել Բայդենի հետ. Արամ Ա-ն շնորհավորել է նորընտիր նախագահին
Այս բաժնից
1054 դիտում
17:46 04-01-2025
Ալիևի ուղերձի «առյուծի բաժինը» Հայաստանի հասցեին սպառնալիքներն էին․ Տաթևիկ Հայրապետյան
1372 դիտում
16:34 04-01-2025
Օդի ջերմաստիճանը կբարձրանա 6-8 աստիճանով, ապա կնվազի 7-10 աստիճանով
1153 դիտում
15:37 04-01-2025
Գուրգեն Աֆրիկյանը կնշանակվի ԱՆ Պրոբացիայի ծառայության պետ