211652_close_icon
views-count1027 դիտում article-date 19:43 16-09-2024

Արամ Ա Հայրապետը շնորհաբաշխ հովվապետական այցելություն է կատարել Անջարի հայկական ավան

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հովվապետական այցելություն է կատարել Անջարի հայկական ավան․

«Տարուան վերջին տաղաւար (մեծ, աւագ) տօնը մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ խաչին վերացումին տօնն է (Վերացման Սուրբ Խաչ)։ Այս տօնին կը յիշատակուի Լիբանանի մէջ հաստատուած Այնճար աւանին հիմնադրութեան տօնը, որովհետեւ սուրբ խաչին շնորհիւ այնճարցիք փրկուեցան թուրքին եաթաղանէն։

Արդարեւ, 2024 տարին կը զուգադիպի Մուսա Լերան հերոսամարտի 109-րդ եւ Այնճարի հիմնադրութեան 85 ամեակներուն, որոնց տօնակատարութեանց շրջագծին մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ՝ շեշտելով Այնճարին հայկականութիւնը եւ աւանը առաւել եւս հայկականացնելու ու անոր բարքերն ու աւանդութիւնները պահելու ու պահպանելու այնճարցիին վճռակամութիւնը։ Այս առիթով, Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը կատարեց շնորհաբաշխ Հովուապետական այցելութիւն մը Այնճարի հայկական աւան. տեղւոյն Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցման արարողութեան, իր Հայրապետական պատգամը յղեց հաւատացեալ ժողովուրդեան եւ կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։ Օրուան պատարագիչն էր Պէքայի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան։

Այնճարի մուտքին Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեանի, Ազգային Իշխանութեան անդամներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անձնակազմին, հոգեւոր հայրերու եւ լիբանանահայ համայնքի կազմակերպութիւններու, կառոյցներու ու մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Շնորհաբաշխ հովուապետական այցելութեան ընթացքին Նորին Սուրբ Օծութեան շքախումբին մաս կը կազմէին Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան, Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի տնօրէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան։

Այնճարի մուտքին աւանդական աղի ու հացի օրհնութենէն ետք, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր Արամ Ա. Կաթողիկոս օրուան պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն։

Առաջին հերթին բարի գալստեան խօսք արտասանեց թեմի առաջնորդ սրբազան հայրը։ Ողջունելէ ետք Հայրապետին ներկայութիւնը Լիբանանի հայոց թեմէն ներս եւ ի մասնաւորի Այնճարի մէջ, ան վստահեցուց, որ այս այցելութիւնը առիթ պիտի ըլլայ նոր ոգեւորութիւն ներշնչելու Մուսա Լերան շարաւիղներուն, որոնք հաղորդակից մնալով իրենց հայրերու կերտած փառքին՝ կը շարունկեն կորովով արմատ ու ճիւղ արձակել հայու քրտինքով նուիրականացած այս հողին վրայ։ Շարունակելով իր խօսքը՝ Շահէ արքեպիսկոպոս յայտնեց, որ Այնճարը իր ծոցին մէջ կը հաւաքէ մեր ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի սերունդները ճանչնան իրենց հայրերուն մեծագործութիւնը եւ անոնց օրինակին հետեւելով՝ ազգի վերելքին ու ամրութեան համար անձնուիրաբար ընծայեն իրենց կարելիութիւնները։ Աւարտին, սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ բեղուն ու ծաղկուն պահէ Հայրապետին կեանքն ու աշխատանքը, որպէսզի իրմով շարունակենք տեսնել աւելի լայն հորիզոններ ու քաջութիւն գտնել մեր կեանքին համար, եւ հրաւիրեց Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր Հայրապետական պատգամը ուղղելու մեր ժողովուրդին»։

Նմանատիպ նյութեր