211652_close_icon

Արամ Ա. Կաթողիկոսն այցելել է ազգային ծերանոց տոնական օրերին ընդառաջ

views-count634 դիտում article-date 12:39 31-12-2025
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայրական ջերմ այցելութիւն կը շնորհէ եւ իր հայրապետական օրհնութեամբ կը պարուրէ Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոցի բնակիչները: Առ այդ, Երկուշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Հայրապետը, խումբ մը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, ուղղուեցաւ ծերանոց, ուր զինք դիմաւորութեան կը սպասէին հաստատութեան տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թէրզեան, խնամակալութիւնը, տիկնանց յանձնախումբը եւ ծերանոցի բնակիչ մամիկներն ու պապիկները:

Պատուելի Թէրզեան յանուն ազգային ծերանոցին ողջունեց Հայրապետին ներկայութիւնը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց արդէն աւանդութիւն դարձած այցելութեան համար:

Ապա, իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ան բարձրօրէն գնահատելով հայ ծերերու տան մէջ տարուող ազգային ու քրիստոնէական գործունէութիւնը, որ էութեամբ առաքելութիւն է, վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մնայուն նեցուկն ու զօրակցութիւնը: Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց տարեցներուն, որ անոնք կը գտնուին ազգին տան մէջ, ազգին խնամատարութեան տակ։ Այս առիթով, ան բարձր գնահատեց տնօրէնութեան, խնամակալութեան, տիկնանց յանձնախումբին եւ պաշտօնէութեան կողմէ տարուող նուիրուական աշխատանքը։ Իր խօսքի աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ազգային ծերանոցին առաքելութեան հաւատացող ու զօրավիգ կանգնող բարերարները, նուիրատուներն ու բարեկամները եւ Նոր տարուան ու Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւններով՝ շնորհաւորեց բոլորը։

Մթնոլորտը ջերմ էր տօնական երգերով: Միաբաններն ու տարեցները միասնաբար երգեցին Նոր տարուան եւ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան ոգին ու պատգամը փոխանցող երգեր։ Աւարտին, Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ազգային ծերանոցն ու անոր բնակիչները։

Նմանատիպ նյութեր