1570 դիտում
21:12 19-12-2023
Արամ Ա Հայրապետը այցելել է Ազգային ծերանոց
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը այցելել է Ազգային ծերանոց։ Հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանից․
«Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին հայրական այցելութեանց ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելութիւն շնորհեց Ազգային Ծերանոցին, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ հաստատութեան տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թէրզեանի, խնամակալութեան, տիկնաց յանձնախումբին եւ մեծ հայրերու ու մայրերու կողմէ։
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, պատուելի Թէրզեանը ողջունեց Հայրապետին ներկայութիւնը հայ տարեցներու տան մէջ եւ երախտագիտական զգացումներով յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս անցնող տարիներու դժուարին ու տագնապալի պայմաններուն մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոսը նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ ու զօրավիգ կանգնեցաւ ազգի այս տան։ Պատուելին վստահեցուց, թէ հայ տարեցներու տան բնակիչները եղած են մեր ազգի զաւակներուն ուշադրութեան առարկան եւ միշտ վայելած են անոնց հոգատարութիւնն ու խնամքը։
Ապա, միաբան հայրերը տօնական ու ազգային երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը եւ մամիկներուն ու պապիկներուն վերապրեցուցին ու ներշնչեցին նոր տարուան եւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ոգիով ու պատգամով։
Հուսկ յետոյ, Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու ողջոյնի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն։ Ան ըսաւ, որ պատմութեան ընթացքին, մեր եկեղեցին, հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, միշտ եղած է ծառայական ներկայութիւն մեր ազգի զաւակներու կեանքին մէջ եւ այս տունը այդ ծառայութեան գործնական արտայայտութիւններէն մէկն է։ Այստեղ մեր տարեցները ո՛չ միայն առողջական ու բժշկական խնամք կը ստանան, այլեւ՝ սէր, հոգատարութիւն եւ որդիական գուրգուրանք։ Նորին Սրբութիւնը վստահեցուց տարեցները, թէ ինչպէս ինք՝ անձնապէս մնայուն կապի մէջ է տնօրէնին հետ եւ կը հետաքրքրուի անոնց կարիքներով, նոյնպէս ալ մեր ժողովուրդի զաւակները, իրենց օժանդակութեամբ եւ նուիրատուութեամբ, միշտ սատար կը կանգնին Սփիւռքի կեանքին մէջ յոյժ կարեւորութիւն ներկայացնող այս եզակի հաստատութեան։
Իր խօսքի աւարտին, Հայրապետը բարձր գնահատեց տնօրէն պատուելիին նուիրեալ ու բծախնդիր աշխատանքը, խնամակալութեան ու տիկնաց յանձնախումբին պատրաստակամութիւնն ու նուիրուածութիւնը, բժիշկներուն ու բուժքոյրերուն անշահախնդիր աշխատանքը եւ ազգային ծերանոցի առաքելութեան հաւատացող ու նեցուկ կանգնող բոլոր բարերարները, նուիրատուները եւ բարեկամները։
Աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ իր բարեմաղթութիւններով ծառայական նոր շունչ ու ոգի մաղթեց տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ամբողջ աշխատակազմին»,- ասսվում է հաղորդագրության մեջ։

Նմանատիպ նյութեր
1165 դիտում
17:40 22-09-2015
Հալեպում ՀՀ գլխավոր հյուպատոսն այցելեց Հալեպի հայ ազգային ծերանոց և հայ ազգային պատսպարան
943 դիտում
19:24 24-01-2024
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը այցելել է Լիբանանի և Հայաստանի դեսպանատներ
1519 դիտում
23:40 01-12-2024
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը այցելել է Լիբանանի վարչություն
Այս բաժնից
610 դիտում
16:23 05-02-2025
ՀՀ գլխավոր դատախազն ու ԱՄՆ դեսպանը քննարկել են համատեղ աշխատանք իրականացնելու շարունակականությունը
631 դիտում
16:06 05-02-2025
Սրբուհի Գալյանն Անահիտ Ավանեսյանի հետ քննարկել է ազատազրկվածներին առնչվող առողջապահական հրատապ խնդիրները