1603 դիտում
11:28 20-11-2020
Հայկական մշակութային սրբավայրերը քանդելու Ատրպէյճանի կառավարութեան որդեգրած հետեւողական քաղաքականութիւնը փաստագրուած է.Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւն
Օտրի Ազուլէ,
Ընդհանուր կառավարիչ
UNESCO
7, Place de Fontenoy,
75352 Paris 07 SP, France
Յարգելի Տիկին Ազուլէ,
Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ծաւալած կատաղի պատերազմը՝ մասնակցութեամբ թրքական զինեալ ուժերուն եւ հազարաւոր վարձկան ահաբեկիչներու, տեղաբնակ հայութիւնը դէմ յանդիման կը դնէր ազգային բնաջնջումի սպառնալիքին, եւ Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական կոթողներու պատմական ժառանգութիւնը կ՚ենթարկէր դիտաւորեալ աւերումի վտանգին։
Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու վերջերս յայտարարած հրադադարի համաձայնագրի գործադրութիւնը փաստօրէն ազերի իշխանութիւններու իրաւասութեան կը յանձնէ հազարաւոր հայկական մշակութային եւ կրօնական սրբավայրեր, վաղնջական նշխարներ եւ խորհրդանիշեր։
Հայկական մշակութային սրբավայրերը քանդելու Ատրպէյճանի կառավարութեան որդեգրած հետեւողական քաղաքականութիւնը փաստագրուած է։ Անցնող տասնամեակներուն, ազերի իշխանութիւնները աւերած են Նախիջեւանի մէջ հայկական դարաւոր ներկայութիւնը վկայող բոլոր պատմական հետքերը, ընդ որում՝ Ջուղայի խաչքարերն ու Ագուլիսի Սբ. Թովմաս տաճարը, որ կառուցուած էր աշխարհի հնագոյն եկեղեցիներէն մէկուն հիմերուն վրայ։ Արցախի բռնագրաւումէն ի վեր, անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին, արձանագրուած են մշակութային կոթողներու եւ եկեղեցիներու խաթարման բազմաթիւ փաստացի օրինակներ։ Միաժամանակ, ազերի պաշտօնատարներ լծուած են հայկական վանքերու պատմութեան աղաւաղման, ինչպէս օրինակ՝ Թ. դարուն կառուցուած Դադիվանքի պարագային, որուն եկեղեցիներու անունները փոխելով, ազերիները կը պղծեն անոր հայկական պատկանելիութիւնը։
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, որ իր աշխարհասփիւռ կազմակերպական կառոյցով եւ աւելի քան 90 տարիներու գործունէութեամբ ներկայութիւն է հայկական մշակութային կեանքին մէջ, սաստիկ տագնապած է Արցախի մշակութային կոթողներու, դարաւոր գերեզմանատուներու եւ խաչքարերու շարունակուող սրբապղծութեամբ։ Նոյնպէս, մենք մտահոգ ենք Արցախի հայութեան պապենական հողերու կորուստով եւ անոր բռնագաղթի մատնուած բնակչութեամբ, մանաւանդ որովհետեւ այդպիսով կրնայ անհետանալ այդ տարածաշրջանի բառբառը, որ հայերէնի հնագոյններէն մին է, եւ որուն հետ կրնան չքանալ այդ բնակչութեան աւանդական սովորութիւններն ու բնիկ ճոխ ազգային ժառանգութիւնը։
Իբրեւ Համաշխարհային ժառանգի համագումարը ստորագրող պետութիւն, Ատրպէյճանի պետութիւնը օրինապէս պարտաւոր է պահպանել ու պաշտպանել համաշխարհային մշակոյթի ժառանգութեան նմոյշները։ Արցախի բնիկ ժողովուրդին մշակութային ինքնութիւնը ոչնչացնելու վարքագիծը դատապարտելի յանցագործութիւն մը կը հանդիսանայ եւ մարդկութեան հաւաքական մշակոյթը կը դնէ վտանգի տակ։ UNESCO-ն համաշխարհային այն կազմակերպութիւնն է, որուն գերագոյն պատասխանատուութիւնն է համաշխարհային մշակոյթի ժառանգի անխաթար պահպանումը։ Հետեւաբար, կը դիմենք ձեզի, որպէսզի անյապաղ ձեռնարկէք Ատրպէյճանին յանձնուած Արցախի մշակութային կոթողներու, նշխարներու, խորհրդանիշերու եւ սրբավայրերու պաշտպանութեան, եւ բոլոր կարելի միջոցներով պահպանէք անոնց հայկական ինքնութիւնը, կանխելու համար երկրագունդի ամենէն հին մշակոյթներէն մէկը եւ անոր հաւանական նոր ցեղասպանութիւնը։
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան
Կեդրոնական վարչութիւն
16 նոյեմբեր 2020
Նմանատիպ նյութեր
2250 դիտում
17:59 27-09-2017
Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության պատվիրակությունն այցելել է Սփյուռքի նախարարություն
1600 դիտում
17:46 22-02-2018
Սփյուռքի նախարարն ընդունել է Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության «Վահե Սեթյան» հրատարակչատան տնօրենին
4599 դիտում
10:16 31-07-2021
Փաշինեան, նորանոր հողատարածքներ զիչելով, կը շարունակէ իր «ջայլամի քաղաքականութիւնը»․ «Հայրենիք»
Այս բաժնից
1195 դիտում
19:08 12-11-2024
Հաագայի դատարանը մերժեց Բաքվի ներկայացրած նախնական առարկությունները
1108 դիտում
18:19 12-11-2024
COP29-ի շրջանակներում կայացել է Էրդողան-Ալիև հանդիպումը
946 դիտում
15:09 12-11-2024
ԱՊՀ երկրների ՊՆ-ները 2025-ին կանցկացնեն ավելի քան 120 համատեղ միջոցառում