211652_close_icon
views-count4653 դիտում article-date 10:16 31-07-2021

Փաշինեան, նորանոր հողատարածքներ զիչելով, կը շարունակէ իր «ջայլամի քաղաքականութիւնը»․ «Հայրենիք»

«Հայրենիք» շաբաթաթերթը գրում է․ «Հայաստանի մօտէն-հեռուէն առնչուող այս ընդարձակ գօտիին մէջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակը դիւրացուցած է Պաքուի եւ Անգարայի երազներուն իրականացում: Այս բոլորին  դիմաց, Հայաստանի պարտուած (Յունիս 20-ի արտահերթ ընտրութիւններուն ալ յաղթականօրէն… պարտուած) իշխանութիւնը լուրջ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուի եւ յաւելեալ ճնշումի տակ:  Յստակ է, թէ գրասեղանի դարակներուն մէջ կան այլ փաստաթուղթեր, որոնց ժամանակը հնչած է վաւերացնելու եւ վերջնականապէս ստորագրելու, աւելի՛ եւս շեշտելով եւ խորացնելով ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ:

Ակնթարթ մը քննելով Նոյեմբեր 9, 2020-ի համաձայնագիրին կէտերը (չմտնենք այն պատրանական բառախաղին մէջ, որ անիկա համաձայնութիւն չէ, այլ պարզ յայտարարութիւն մը), քիչ թէ շատ իմաստութիւն ունեցողը պիտի տեսնէ եւ եզրակացնէ, որ շատ մը բաներ կը մնան թուղթի վրայ, երբեք ալ պիտի չիրականացուին, իսկ ցարդ եւ ընդմիշտ շահողը պիտի ըլլայ Ատրպէյճանը (չենք անտեսեր, որ անոր միակ բարիքը եղաւ ռազմական գործողութեանց դադրեցումը, սակայն ի՜նչ գնով): Իսկ հաստատուած զինադադարը եւ անոր հետեւած վիճակը յար եւ նման է Արցախեան վերջին պատրազմը կանխած փուլերու վիճակին, այն տարբերութեամբ, որ հիմա փոխուած են վայրերը, բախումներն ու սակարկութիւնները ընտրած են ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ տարածքները: Այլ խօսքով, «Արցախը տանք՝ հանգիստ ապրինք» ցնորամտութիւնը հիմա ուղտը բերած եւ նստեցուցած է Հայաստանի հողին:

Լուսանցքային է նաեւ Մոսկուայի կեցուածքը, որուն խաղաղարար ուժերը միայն ու միայն ընդհարումներէն ետք կը միջամտեն եւ անդորրութիւն կը հաստատեն: Անոնք կը պահպանեն իրենց առաքելութեան նեղ հասկացութիւնը՛ խաղաղութիւն հաստատել բռնկումի պարագային: Ցարդ չենք լսած, որ Հայաստան եւ Ռուսիա՝ ռազմավարական դաշնակիցներ, խօսած են անոնց զսպիչ առաքելութիւն տալու մասին:

Սովորութիւն կամ կրկնութիւն դարձած է Քրեմլի արտաքին գործոց նախարարութեան միօրինակ յայտարարութիւնը, թէ  մտահոգութեամբ  կը հետեւի սահմանի առանձին հատուածներէ ներս սրման կամ լարուածութեան դրսեւորումներուն եւ արձանագրուած միջադէպերուն։ Այս յանկերգին արձագանգները կը լսուին նաեւ Փարիզէն, Ուաշինկթընէն եւ այլ ոստաններէ:

Մէկ բան յստակ է. իր ծրագիրի ցանկալի արդիւնքը ապահովելու համար, առայժմ  յաղթական Ալիեւը սահմանային լարուածութիւն կը հրահրէ, մինչդեռ պարտուած Փաշինեան, նորանոր հողատարածքներ զիչելով,  կը շարունակէ իր  «ջայլամի քաղաքականութիւնը», իր գոյութեան միակ նպատակը  (Raison d’être) սեպելով ձեռքին պահել Հայաստանի (ու Արցախի) ղեկը, որքան ալ որ աղէտալի ըլլան իր անկարողութեան եւ տհասութեան հետեւանքները (նշելու համար նուազագոյնը):

Այս վիճակին մէջ, քանի մը օրէն Ազգային ժողով մտնող ընդդիմադիր ճակատը «անկարելի առաքելութիւն» (Mission Impossible)  մը պիտի դիմագրաւէ անկասկած, սակայն վհատութիւն եւ ձեռնածալութիւն պիտի չճանչնայ:

Մանրամասն՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում։

Նմանատիպ նյութեր