211652_close_icon
views-count1228 դիտում article-date 23:15 02-10-2024

Լիբանանում հայ քաղաքական կուսակցությունների ներկայացուցիչները հրատապ նիստ են գումարել

Հայ քաղաքական կուսակցությունների ներկայացուցիչները այսօր՝ հոկտեմբերի 2-ին, հրատապ նիստ են գումարել։ Հայտնում է ՀՅԴ կուսակցությունը։ 

«Քննարկելէ ետք շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող վտանգաւոր մագլցումներն ու Լիբանանի մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակը, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները արձանագրեցին.

1.-Կը դատապարտեն Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ կատարուող օդային յարձակումներն ու դէպի հարաւային Լիբանան ցամաքային ներխուժման փորձերը։ Իսրայէլեան յարձակումները կը խլեն բազմաթիւ լիբանանցի քաղաքացիներու կեանքերը, տեղահան կը դարձնեն հարիւր հազարաւոր գաղթականներ եւ կը սպառնան Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան։

2.-Կը դատապարտեն իսրայէլեան ուժերուն կողմէ իրականացուած Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի սպանութիւնը՝ միաժամանակ մերժելով քաղաքական ղեկավարներու ֆիզիքական չէզոքացման Իսրայէլի վարած անսանձ քաղաքականութիւնը։

3.-Միջազգային ընտանիքէն կ՛ակնկալեն ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ՝ դադրեցնելու համար յարձակումները եւ վերջ դնելու լիբանանեան տարածքներուն նկատմամբ բոլոր տեսակի ոտնձգութիւններուն։

4.-Կոչ կ՛ընեն լիբանանեան կողմերուն ցուցաբերելու առաւելագոյն զսպուածութիւն եւ ծայր աստիճան զգուշաւորութիւն՝ չներքաշուելու համար ներքին որեւէ սադրանքի։

5.-Կը թելադրեն հայկական բոլոր բարեսիրական կազմակերպութիւններուն՝ երկրին մէջ զանգուածային տեսք ստացած գաղթականութեան երեւոյթին դիմաց անհրաժեշտ ծրագիրները մշակելու եւ համադրուած աշխատանք տանելու ստեղծուելիք զանազան կարիքներուն ընդառաջ։

6.-Կը վերաշեշտեն պահպանելու լիբանանահայ համայնքի միասնականութիւնը՝ յատկապէս ներկայ դժուար փուլին, բարդ կացութեան ստեղծած պայմաններուն մէջ, կուտակուող ճգնաժամերու հետեւանքները կարենալ նպատակաուղղուած ձեւով յաղթահարելու։

Պատերազմական իրավիճակի ներկայ հանգամանքները նկատի ունենալով հայ քաղաքական կուսակցութիւնները պիտի շարունակեն գումարել յաճախակի հանդիպումներ՝ բազմացող մարտահրաւէրները համակարգուած ձեւով դիմակայելու համար»,- ասվում է ՀՅԴ կուսակցության մամուլի ծառայության տարածած հաղորդագրության մեջ։ 

Նմանատիպ նյութեր