Հ.Ա.Հ. Գաղտնի Բանակի մամլոյ հաղորդագրութիւն
Վերջին օրերուն, Հայաստանի մէջ Թուրքիոյ նկատմամբ հանրային նպաստաւոր կարծիք ձեւաւորելու յետին նպատակով, սաստկացած է քարոզչական - հոգեբանական գրոհ մը՝ տարածաշրջանի մէջ հայավնաս ծրագիրները անյապաղ ի կատար ածելու ակնյայտ դիտաւորութեամբ:
Այս հակահայ գործողութիւններու շղթային մէջ, երկար տարիներու մասնակի լռութենէ ետք, անգամ մը եւս իր ուրոյն դերակատարութիւնը ստանձնած է Ժիրայր Լիպարիտեան, որ անցեալ դարու եօթանասունական եւ ութսունական թուականներուն, ի՜նչ հեգնանք, իր համար գիտնականի եւ վերլուծաբանի հեղինակութիւն եւ համբաւ կրցաւ ապահովել, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ի խնդիր՝ առատօրէն վարձատրուած «նուիրեալ աշխատանքով»:
Գլխաւոր թէզը, որ հրապարակային իր ելոյթներուն եւ յայտարարութիւններուն մէջ Ժիրայր Լիպարիտեան առաջ կը տանի, այն է, թէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը՝ Թուրքիոյ կողմէ որեւէ վտանգի կամ սպառնալիքի ենթակայ չէ, եւ վերջին երեսուն տարիներուն երբեք չէ եղած:
Ժիրայր Լիպարիտեան մեր զրուցակիցը չէ, ո՛չ ալ անհրաժեշտութիւն կը տեսնենք իր հետ որեւէ նիւթով բանավիճելու:
Պարզապէս կ’ուզենք իր յիշողութիւնը թարմացնել՝ յղում կատարելով 1994 թուականին, երբ հանգուցեալ ընկեր Մայք Գազանճեանը որպէս բանագնաց օգտագործելով, կազմակերպութեան ղեկավարութեան փոխանցած էր յատուկ պատգամ մը:
Ազգային-պետական շահերը եւ նկատառումները գերիվեր դասելով, առայժմ պիտի չանդրադառնանք պատգամի բովանդակութեան:
Բայց եթէ տուեալ անձը, շարունակէ առաջ տանիլ թրքանպաստ քարոզչութիւն մը եւ կեղծ խաղաղասիրութեան մունետիկի դերով հանդէս գալ, կը խոստանանք մասնակիօրէն անդրադառնալ այդ պատգամի բովանդակութեան, որմէ ետք, շատ մեծ հաւանականութեամբ, ան կրնայ խնդիրներ ունենալ իր ապրած երկիրի իրաւապահ մարմիններուն հետ:
Առայժմ այսքանով կը բաւարարուինք:
Ո՛վ ականջ ունի լսելու, թող լսէ՛:
15 Դեկտեմբեր 2021
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ
Բովանդակ Հայաստանի Ղեկավարութիւն
Մամլոյ Դիւան