211652_close_icon
views-count1213 դիտում article-date 13:48 23-04-2021

Հայկական ժողովրդային շարժման կենտրոնական խորհրդի հայտարարությունը Հայոց ցեղասպանության 106-րդ տարելիցի կապակցությամբ

Արցախեան վերջին պատերազմի հետեւանքով Հայ ժողովուրդի համար յառաջացած ծանրագոյն իրավիճակի լոյսին տակ, Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը այս տարի կը ստանայ առանձնայատուկ խորհուրդ՝ մեր ներկան ճիշդ ընկալելու, համակողմանի գնահատելու եւ ապագայի մեր պատկերացումները վերաիմաստաւորելու առումներով:

Արցախեան պատերազմը, որ սանձազերծուեցաւ թուրք-ազերիական հակահայ դաշինքի կողմէ, ըստ էութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան հայաջինջ ծրագիրի անմիջական շարունակութիւնն էր, ժամանակակից աշխարհաքաղաքական իրողութիւններու, մեծապետական ընթացիկ շահերու եւ տարածաշրջանի մէջ ուժերու յարաբերակցութեան առկայ պայմաններուն մէջ:

Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարները նոյնիսկ իրենց իսկական նպատակները չքօղարկեցին, երբ արար աշխարհի առաջ յայտարարեցին, որ արցախեան վերջին պատերազմը, իրենց շուրջ մէկ դար առաջ կիսատ թողած գործի շարունակութիւնն է:

Ստեղծուած իրավիճակէն հիմնական հետեւութիւնը, որ Հայութիւնը եւ անոր քաղաքական միտքը պէտք է քաղէ, այն է, որ եթէ մեր ազգը հզօր, կենսունակ եւ անվտանգ պետականութիւն չյաջողի կառուցել, իր գոյութիւնը, գոյատեւումը եւ կայուն զարգացումը ըստ ամենայնի վտանգուած պիտի ըլլայ:

Իսկ որպէսզի հայ ժողովուրդը ինքնիշխան եւ հզօր պետականութիւն ունենայ, որ ոչ միայն երաշխաւորէ մեր ազգի յարատեւումը, այլեւ արտայայտէ մեր համազգային իղձերու եւ նպատակներու իրականացման ձգտումը, առաջին հերթին պէտք է հաւատայ իր սեփական ուժին եւ բացառապէս միայն վստահի անոր:

Բայց այդ վստահութիւնը պէտք է բխի համահայկական տեսլականէ, ծրագիրէ եւ հասարակութեան համար շօշափելի եւ չափելի գործնական արդիւնքներէ, եւ ոչ անիմաստ սովորոյթ դարձած վերամբարձ ճառերէ, ճոռոմ քարոզներէ եւ յայտարարուած նպատակներուն հակասող գործելաձեւ է:

Հայութիւնը 21-րդ դար մտաւ յաղթանակած ժողովուրդի հոգեբանութեամբ եւ միջազգային հանրոյթի համար արժանապատիւ ու հաշուարկելի գործօնի հանգամանքով:

Այսօր, մեր պետութեան (Արցախը ներառեալ) տարածքային ամբողջականութիւնը խոցուած է, անվտանգութիւնը դրուած է հարցականի տակ, Արցախահայութեան ապագան վտանգուած է եւ մեր պետութեան վարկն ու կշիռը, միջազգային քաղաքական թատերաբեմի վրայ հասած է նուազագոյն աստիճանի:

Հետեւաբար, Հայոց Ցեղասպանութեան միլիոնաւոր նահատակներու, արցախեան ազատամարտի ու պաշտպանութեան մարտերու ընթացքին զոհուած եւ վիրաւորուած տասնեակ հազարներու, հարիւրաւոր գերեվարուածներու եւ անորոշ թիւով անյայտ կորսուածներու, ազգային ազատագրական պայքարի նահատակներու հանդէպ մեր պարտքը կրնայ հատուցուիլ միայն, վերակառուցելով մեր հազարամեայ պատմութեան արժանավայել եւ ազգային արժեհամակարգի հիմնասիւներու վրայ խարսխուած պետութիւն մը:

Պետութիւն, որ հպարտութիւն եւ վստահութիւն առթէ իւրաքանչիւր հայուն, եւ իր հմայքի ձգողական ուժով աշխարհի վրայ ցիրուցան դարձած իր զաւակները տուն կանչէ տեւաբար:

Հզօր Հայաստան մը միայն, կրնայ դառնալ կռուանը ամբողջական Հայաստանի, իսկ ամբողջական Հայաստանի ստեղծումը միակ իրական հատուցումն է, որուն արժանի են մեր միլիոնաւոր նահատակները:

24 Ապրիլ 2021
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
(ՎԵՐԱԿԱԶՄԵԱԼ)

 

Նմանատիպ նյութեր