211652_close_icon
views-count1222 դիտում article-date 23:45 11-04-2023

Հայ Դատի հանձնախումբը կանադացի քաղաքական պաշտոնյաների հետ արծարծել է Արցախի շրջափակման հարցը

Ապրիլ 8-ին, Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Վահէ Անտոնեանը, Սեւան Յակոբեանը, Ճէք Յակոբեանը, Վաննեսա Պարտաքճեանը եւ Վահէ Յակոբեանը մասնակցեցան Վանգուվըրի S.U.C.C.E.S.S. բարեսիրական հիմնարկի 50-ամեակի հանդիսութեան: Գանատական բարեսիրական կազմակերպութեան յոբելենական հանդիսութեան համանախագահ էր Վահէ Յակոբեանը։

Հայ Դատի յանձնախումբի գործիչները վերոնշեալ հանդիսութեան ընթացքին առանձնազրոյցներ ունեցան քաղաքական պաշտօնատարներու հետ։ Այս ծիրէն ներս հանդիպումներու շարքին էին Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի վարչապետ Տէյվիտ Էպիի, Գանատայի Միջազգային զարգացման նախարար Հարճիթ Սաճանի, խորհրդարանի անդամ Փարմ Պէյնզի, Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի նախարարներ Պրուս Ռալսթընի եւ Էն Քանկի, նահանգային խորհրդարանի ընդդիմութեան ղեկավար Քեւին Ֆալքընի, Վանգուվըրի քաղաքապետ Քէն Սիմի և Ռիչմընտի քաղաքապետ Մալքոլմ Պրոտիյի հետ կայացած հանդիպումները:

Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնեցին Արցախի աւելի քան հարիւրօրեայ շրջափակման գծով եւ Ատրպէյճանի կողմէ արցախահայութեան և Հայաստանի դէմ ուղղուած իրավիճակը ապակայունացնող գործողութիւններուն առնչութեամբ։ Նախարար Սաճանին եւ պատգամաւոր Պէյնզին փոխանցուեցաւ, որ Հայ Դատի յանձնախումբը բարձրօրէն կը գնահատէ Գանատայի կառավարութեան կողմէ Ատրպէյճանին ուղղուած շրջափակումը դադրեցնելու եւ միջազգային պարտաւորութիւններուն հաւատարիմ մնալու կոչերը, սակայն յանձնախումբը միաժամանակ կը փափաքի, որ Գանատան ազդու քայլեր ձեռնարկէ դիւրաբեկ խաղաղութիւնը պահպանելու համար: Նախարար Սաճան խոստացաւ հարցը բարձրացնել Գանատայի կառավարութեան յառաջիկայ նիստին։

Պրիթիշ Գոլոմպիոյ վարչապետ Տէյվիտ Էպիին նոյնպէս զեկուցուեցաւ քաղաքական առկայ իրավիճակին մասին, եւ նշուեցաւ, թէ ինչպէս նախորդ նահանգային վարչապետ Ճան Հորկընը՝ Գանատայի վարչապետին ուղղուած նամակով լուսարձակի տակ առած էր Արցախի հիմնահարցը: Վարչապետ Էպի խոստացաւ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ համագործակցելով շարունակել նախկին վարչապետ Հորկընի Արցախի գծով տարուող քաղաքական ջանքերը:

Նմանատիպ նյութեր