1168 դիտում
11:12 21-09-2019
Փաշինեանը կու գայ․ նայի՛նք այս մարդը ի՞նչ պիտի ըսէ․ «Հայրենիք»
«Հայրենիք» շաբաթաթերթը գրում է․ «Շուտով, Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետը Լոս Անճելըս կը հասնի, աւելի ճիշդ պիտի ժամանէ։
Արդէն շաբաթներէ ի վեր հայրենի եւ Սփիւռքի եւ յատկապէս Քալիֆորնիոյ հայ մամուլն ու հայկական հեռատեսիլի գրեթէ բոլոր կայանները, ամէնօրեայ յիշեցում-ծանուցումներ կը կատարեն, նոյնիսկ վարչապետի խօսք-հրաւէրով։
Վարչապետը կու գայ «հանրային հանդիպում» պիտակին տակ։ Կու գայ։ Բարի եկաւ։ «Ինչո՞ւ կու գայ»ն այլեւս աւելորդ է, աւելի լաւ է անոր փոխարէն.- «նայինք, տեսնե՛նք ինչե՜ր պիտի ըսէ»-ն կամ «ի՜նչ ըսելիքներ ունի»-նը։ Տրամաբանական կը թուի։
Անշուշտ պէտք է, որ գայ։ Չէ՞ որ ան ներկայիս մեր երկրին ընտրուած ղեկավարն է եւ յատկապէս ու մանաւանդ՝ տարի մը առաջ հայրենիքէն ներս կատարուած թաւշեայ յեղափոխութեան «հերոսը»։ Էհ, վերջապէս, հիմա ինքն է մեր երկիրը ղեկավարողը չէ՞։ Մեր երկրին, ընտրուած «թուխոտ» ղեկավարը։
Նման հարցականներ, հարցումներ, լուսաբանական եւ նոյնիսկ քննադատական խօսքեր այս օրերուն եւ օրուայ բոլոր ժամերուն կարելի է լսել մանաւանդ Կլէնտէյլի հայկական խանութներուն եւ շուկաներուն մէջ, նոյնպէս մեծ ու փոքր առեւտրական հաստատու-թիւններէ ներս եւ կամ հանրային փոքր պարտէզներու փայտէ չոր նստարաններու վրայ նարտի խաղով զբաղող, սակայն իրենց անհատնում հարցեր ու հարցումներ դուրս թափող հայ տարեցներու բերաններէն։ Զարմանք։ Ո՛չ, ոչ. շատ բնական երեւոյթ։ Հետաքրքրական։ Անհատնում հարցումներ եւ դրական ու ժխտական լուսաբանութիւններ կու գան աւելնալ հայկական այս անօրինակ «աղմուկ»-ին։
-Փաշինեանը կու գայ… Փաշինեանը կու գայ…։
Չեմ գիտեր ի՞նչ կրնան խորհրդանշել այս բացագանչութիւնները.- վախ, դժգոհութիւն- ուրախութիւն թէ՛ հպարտանք։ Վարչապետը ըսելիքներ ունի եւ ան ալ հրապարակային։ Ու այս բոլորին իբրեւ զուգահեռ տպաւորութիւն, ինչ մեղքս պահեմ, կը յիշեմ ամերիկեան պատմական դրուագ մը։ Այսպէս, Պոսթընի նաւահանգիստի մէջ ամերիկացի ազատատենչ հայրենասէրներ, երբ առ ի բողոք, անոնք անգլիական «թէյ»-երու ծանրոցները նաւերէն ովկիանոս թափեցին եւ այս մէկը պատճառ դարձաւ, որ անգլիական բանակը ծնունդ առած ապստամբութիւնը զսպելու նպատակով, հսկայ նաւատորմ կը ղրկէ դէպի Ամերիկա։ Իսկ այս միջադէպին մէջ ամէնէն հետաքրքրականն ու էականը անգլիական նաւատորմի արշաւը դէպի ամերիկեան ցաքամասան լուր տարածող սուրհանդակ ձիաւոր զինուորի բացագանչութիւնն է։ Ան այդ օրերու Արեւելեան Ամերիկայի նահանգներէն դէպի արեւմուտք տարածուող նահանգներ, իր ձիով սուրալով, գիշեր-ցերեկ, իր ճամբուն վրայ իւրաքանչիւր գիւղ-քաղաք մտնելով կը պոռայ, կը բացագանչէ.- English are coming- անգլիացիները կու գան։ Ազդարարիչ բացագանչութիւն։ Այդ օրերու ահազանգ։ Տեղացիք հասկնալով հարցին ծանրութիւնը, կը փութան ինքնապաշտպանութեան «պատրաստութեան»։ Մնացեալը, ալ պատմութիւն է։
Իսկ այս օրերուն մեզի, ամիրիկահայերուս համար, ամէնօրեայ բերնի ծամօնը դարձած է՝ «Փաշինեանը կու գայ»-ն։ Ամէն տեղ։ Ամէն տուն եւ վայր։
Արդեօք խապրի՞կ է, կ՚ըսեմ, թէ ոչ ահազանգ կամ զգաստութեան հրաւէր։ Սպասենք եւ նայինք։
Իմ պարագայիս, չեմ հասկնար։ Միշտ կրկնած եմ, թէ անձնապէս քաղաքականութիւն «ըսուածը» չեմ հասկցած։ Բայց բոլորին նման կը կարծեմ, որ «հանդիպում» կը նշանակէ դիմացինին հետ տեսնուիլ եւ թերեւս ալ խօսիլ։ Բնականաբար մարդիկ, աշխարհի հայերը, այս հանդիպումէն մեծ ու փոքր ակնկալութիւններ ունենան։ Ուրեմն վարչապետի ներկայութիւնը նման «բաներով» ձեւաւորուած ըլլալու է, կամ պիտի ըլլայ։
«Փաշինեանը կու գայ»։
Ան Լոս Անճելըս պիտի գայ ու մեզմէ կը խնդրէ, որ մենք, մեծով ու պզտիկով եւ ամէն տեսակի «գոյներով» մէկտեղուինք, որպէսզի ինք, իր «ըսելիքները» ըսէ։
Մեզ այսպէս հաւաքելով, շատ հաւանաբար ան պիտի խօսի իր ծրագիրներու մասին։ Լուսաբանութիւններ պիտի տայ։ Արդարացումներ։ Եւ ապա թերեւս ալ հաւաքին ներկայ եղող այդ հազարաւոր մարդոց մէջէն, իրեն հարց տուողներուն ալ պատասխանէ։
Մենք միշտ դժգոհ ազգ եղած ենք։ Ուստի, բնական է, որ հարցեր ալ ունենանք։ Հարցեր ունինք արդէն, նորութիւններ չեն։ Եւ այդ մտահոգ հարցերու լուծման մասին տեղեկութիւններ կը պահանջենք։ Գիտենք, որ ամէն տեղ գանգատներ կան, որովհետեւ մենք կը սիրենք հայացնել ամէն բան, նոյնիսկ մեր կեանքի իմաստը։ Միայն հոս հարցեր չունինք, հոն ալ կան։ Հոն՝ հայրենի հողին վրայ։ Կը լսենք։ Կը տեսնենք։ Հարցեր՝ տեսակաւոր։ Ու նաեւ սխալներ, որոնք կարծես միշտ կրկնուած են։ Շատ են եւ մենք տուժած ենք այդ սխալներէն, որովհետեւ մինչեւ հիմա պատմութենէն սորված չենք եւ նոյնիսկ կեանքի թագուն ձայներուն ականջ չենք դրած։
«Փաշինեանը կու գայ»։
Չեմ գիտեր։ Միայն այն գիտեմ, որ ինչ ալ ըլլան օրուան կարգախօսերը, հայրենիքն է մեր բոլորի ակնարկներու կիզակէտը։ Անոր համար հարցումներ եւ մտահոգութիւններ ունինք եւ անշուշտ գնահատականներ ալ։ Պէտք է շեշտեմ, որ իբրեւ սփիւռքահայերս կը հաւատանք, որ մեր երկրի գոյութեան մէջ է մեր հոգեկան հիմքերը։ Մեզի համար Հայաստանը շուկայ չէ։ Գաղափար է։ Մեր կենսագրութիւնը անբաժանելիօրէն կապուած է հողին, որ նաեւ իրականութիւն է եւ մանաւանդ անհրաժեշտութիւն՝ մեր գոյատեւման։ Ու մեր հայրենիքի զարգացման ու բարգաւաճման մէջ մենք բոլորս ալ մեր դերերը ունինք։
Կը հաւատանք։
Միւս կողմէ սակայն…«նայի՛նք այս մարդը ի՞նչ պիտի ըսէ»-ն կայ։ Ուստի համբերութիւն։
«Փաշինեանը կու գայ» շատ հաւանաբար մեզի շատ «բաներ» յիշեցնելու։ Մեր կարգին նաեւ յիշեցնենք.- թէ մենք հայերս, Հայաստանով միատեղ, ներկայ աշխարհի ծաղկաստանին անբաժանելի մաս կը կազմենք։ Մեզի կը մնայ պահել մեր ազգային գոյնն ու հոտը։
Այս բոլորը երկինքէն պիտի չգան։ Հարկ է բանալ լայնախոհութեան մտքի դռները։ Լուծումներ որոնել, ազգային ինքնութեան մտահոգ մարդոց հետ, որպէս հայրենիքի ազատօրէն եւ հպարտ բաբախէ մեր բոլորի սրտերուն մէջ։ Մնացեալը ինք գիտէ։
Մինչ այդ՝ բարի եկաք յարգելի պարոն վարչապետ»։
[b]Մանրամասն՝ «Հայրենիք» թերթի[/b] [url=https://hairenikweekly.com/2019/09/16/40200?fbclid=IwAR2MnyQAxLyPFkjH_PtK9u7EVc7fwrMYcilJl5gQhibUcagL9sjf17s0wlk]այս համարում[/url]։
Նմանատիպ նյութեր
2838 դիտում
12:05 07-11-2020
Որ հաղթես կյանքում՝ պիտի հավատաս, որ հաղթես պատերազմում՝ պիտի հավատաս, որ ապրես՝ պիտի հավատաս. Թևան Պողոսյան
769 դիտում
10:01 15-05-2020
Խայտառակություն էր, խարան, որ միշտ կմնա այս խորհրդարանի վրա․ «Իրատես»
Այս բաժնից
10501 դիտում
17:45 30-10-2024
Անդո՛, նստելու ես «խիյարը թարս բուսնեց»․ Շահինյանը հոկտեմբերի 27-ից փակագծեր բացեց. Hayeli.am