211652_close_icon
views-count961 դիտում article-date 19:32 20-10-2024

Ընտանիքը ազգի կենսունակության հիմքն է, ընտանիքի հիմնադիրը Աստված ինքն է․ Արամ Ա Վեհափառ

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը այցելել է Չիկագո։ Հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից․

«Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի հայահոծ շրջաններէն մէկն է Շիքակոն, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վերջին անգամ իր այցելութիւնը շնորհած էր շուրջ ինը տարի առաջ: Այս տարի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափին իր շնորհած հովուապետական իր երկրորդ այցելութեան ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Շիքակօ, ուր յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ ունեցաւ երիտասարդութեան, եկեղեցւոյ յարակից մարմիններուն եւ քոյր կազմակերպութիւններուն հետ:
 
Արդ, Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2024-ին, Վեհափառ Հայրապետը, իր կողքին ունենալով իրեն ընկերացող շքախումբը, ուղղուեցաւ Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցին: Մուտքին հացի ու աղի օրհնութենէն ետք, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեանի գլխաւորութեամբ, հաւատացեալները, եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը եւ ազգայինները դիմաւորեցին Նորին Սրբութիւնը:
 
«Հրաշափառ»ի արարողութեան աւարտին, թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, յանուն թեմի կրօնական եւ քաղաքական ժողովներուն, բարի գալուստի խօսք արտասանեց: Ներկայացնելով գաղութը՝ ան ըսաւ. «Վեհափառ Տէր, Ամենայն Սրբոց եկեղեցին միջին Ամերիկայի միջնաբերդն է՝ հաւատքի, մշակոյթի եւ ընկերային կեանքի բնագաւառներէն ներս: Այս գաղութի հայորդիները հաւատարմօրէն կապուած են իրենց եկեղեցւոյ: Անոնք իրենց հաւատարմութիւնը կը յայտնեն յաճախելով եկեղեցի եւ հաղորդուելով իրենց անցեալի ժառագութեանց»:
 
Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին՝ կեդրոնանալով ընտանիքի հարազատ հասկացողութեան վրայ: Հայրապետը նախ ընդնհանուր գիծերով ներկայացուց ընտանիք հասկացողութիւնը եւ յայտնեց, թէ ընտանիքը ազգի մը կենսունակութեան ու առողջութեան հիմքն է. անիկա իր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներով ազգին սիւնը կը հանդիսանայ: Երկրորդ բաժինով Նորին Սուրբ Օծութիւնը ներկայացուց քրիստոնէական պրիսմակէն ընտանիքի հասկացողութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ ընտանիքի հիմնադիրը Աստուած ինք է: Մասնաւորելով իր խօսքը՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ քրիստոնէական իսկական ընտանիքը եկեղեցւոյ մէջ, Աստուծոյ ներկայութեան եւ մեր եկեղեցւոյ պսակի խորհուրդով օրհնուած ընտանիքն է: Հետեւաբար, ընտանիքը երկու անհատներու միջեւ համաձայնութիւն մը կամ ուխտի մը կնքումը չէ պարզապէս, այլ Աստուծոյ կողմէ հաստատուած ու Անոր ներկայութիւնը վայելող սուրբ կառոյց մըն է, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը:

Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամէն ետք, եկեղեցւոյ ծառայողները, քոյր կազմակերպութիւններու անդամները, հոգաբարձութեան անդամները, ազգայիններն ու հաւատացեալները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը:
— — — — —
Յաջորդ օրը, Շաբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2024-ին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ եկեղեցւոյ յարակից մարմիններուն, քոյր կազմակերպութիւններուն, երիտասարդութեան եւ շաբաթօրեայ Դանիէլ Վարուժան հայկական վարժարանի աշակերտութեան հետ։
 
Կազմակերպութիւններու ու մարմիններու հետ տեսակցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ առաւելաբար շեշտեց համայնքի կեանքին վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման համար համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ան ըսաւ, որ քոյր կազմակերպութիւն ըլլալ կը նշանակէ մէկ ընտանիքի անդամ ըլլալ եւ գործել ի նպաստ համայնքի շահերուն։
 
Ապա, Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին՝ Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութեան առիթով։ Վարժարանի տնօրէն Ժաքլին Փափազեանի բարի գալստեան խօսքէն ետք՝ Նորին Սրբութիւնը առիթ տուաւ, որ աշակերտները հարցումներ ուղղեն իրեն։

Նոյն սրահին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ երիտասարդներուն հետ։ Պատասխանելով անոնց կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնք առնչուած էին հայութեան, երիտասարդութեան, Սփիւռքին, Հայաստանին, մեր մշակոյթին եւ եկեղեցւոյ կեանքին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը ընդգծեց երիտասարդութեան հետ երկխօսութիւն ունենալու, համայնքի կեանքին մէջ անոնց լայն կարելիութիւններ ու պատասխանատուութիւններ տալու անհրաժեշտութիւնը»։ 

Նմանատիպ նյութեր