211652_close_icon
views-count1165 դիտում article-date 22:07 10-05-2024

Հունահայոց ազգային առաջնորդարանը իր զորակցությունն է հայտնել «Տավուշը հանուն հայրենիքի» շարժմանը

Հունաստանի մի շարք կազմակերպություններ զորակցական հայտարարություն են արել․

«Օ­րե­րէ ի վեր բո­լորս անձ­կու­թեամբ կը հե­տե­ւինք մեր հայ­րե­նի­քի մէջ կա­տա­րո­ւող դէպ­քե­րուն, խոր մտա­հո­գու­թեամբ լսե­լով սահ­մա­նա­զատ­ման գոր­ծըն­թա­ցի մա­սին։ Ինչ­պէս յայտ­նի է, ­Տա­ւու­շի մար­զի չորս սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րու Ատր­պէյ­ճա­նին յանձ­նե­լու քայ­լե­րը ցոյց կու­տան, թէ ան­վե­րա­պահ յանձ­նո­ւո­ղա­կա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն որ­դեգ­րո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ, ընկր­կե­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան ճնշում­նե­րուն ու սպառ­նա­լիք­նե­րուն առ­ջեւ։

­Տա­ւու­շի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Բագ­րատ արք. ­Գալս­տա­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ «­Տա­ւու­շը յա­նուն ­Հայ­րե­նի­քի» լո­զուն­գով թափ ա­ռած շար­ժու­մը, ուղ­ղա­կի մեր­ժումն է ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ՝ իր հաշ­ւոյն առ­նո­ւող ո­րո­շում­նե­րուն։ Երբ ժո­ղո­վուր­դը ոտ­քի կը կանգ­նի, այդ կ­՚ը­նէ ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը, ինք­նիշ­խա­նու­թիւ­նը, ան­կա­խու­թիւ­նը եւ ամ­բողջ հա­յու­թեան ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար։

Ար­ցա­խի յանձ­նու­մէն ու հա­յա­թա­փու­մէն ետք, ազ­գո­վին տե­սանք թէ միա­կող­մա­նի զի­ջում­նե­րը միայն թու­լա­ցում բե­րին ­Հա­յաս­տա­նին եւ երկ­րի սահ­ման­նե­րուն, մինչ­դեռ Ատր­պէյ­ճա­նը գրաւ­ման տակ կը պա­հէ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ճանչ­ցուած տա­րածք­նե­րը, իր ա­խոր­ժակ­նե­րը սրե­լով եւ բա­ցա­յայ­տօ­րէն խօ­սե­լով իր յար­ձա­կո­ղա­պաշտ նպա­տակ­նե­րուն մա­սին։

Այս ճա­կա­տագ­րա­կան հանգ­րո­ւա­նին մեր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նենք բո­լոր ջան­քե­րուն, ո­րոնք նպա­տակ ու­նին մեր ար­ժէք­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնն ու անվ­տան­գու­թիւ­նը ա­մուր պա­հե­լու եւ ազ­գա­յին մեր միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու։­

- Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րան
­- Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ ­Ե­կե­ղե­ցի
-Հայ ­Աւետարանական ­Ե­կե­ղե­ցի
- Յու­նաս­տա­նի հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թիւն
- Կրօնական Ժողով
- Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ
­- Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խումբ
- Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն
­- Հայ ­Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թիւն եւ սկաու­տա­կան կազ­մեր
­- Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խաչ
­- Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խաչ
­- Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յին հայ մշա­կու­թա­յին միու­թիւն»։ 

Նմանատիպ նյութեր