1240 դիտում
22:36 06-10-2023
Հայաստանը պետք է հավասարակշռված քաղաքականություն վարի՝ զերծ մնալով վտանգավոր հետևանքներից․ Արամ Ա
Այսօր՝ Ուրբաթ, 6 Հոկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ վանաբնակ միաբան հայրերուն հանդիպում: Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Ազրպէյճանի Արցախի գրաւումով պարզուած կացութեան, մեր ժողովուրդին մօտ ստեղծուած խոր ցաւին ու ընդվզումին եւ Հայաստանի մէջ կայք հաստատած Արցախի մեր զաւակներուն մարդասիրական օժանդակութիւն կատարելու անյետաձգելի անհրաժեշտութեան: Lurer.com-ի փոխանցմամբ՝ հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանից։
Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանն ու մեր ժողովուրդը նոր կացութեան դիմաց կը գտնուին: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանը մօտէն հետեւի տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարէ՝ հեռու պահելով Հայաստանը անհամաչափ քայլերու վտանգաւոր հետեւանքներէն: Ապա, Հայրապետը ընդգծեց, թէ իր արժեւորումով, ներկայ հանգրուանին իրապաշտ մօտեցումով ռազմավարական նոր մօտեցում հարկ է ճշդուի, նկատի ունենալով յատկապէս հետեւեալ երեք կէտերը.-
ա) Ռազմագերիներու եւ Ազրպէյճանի կողմէ կալանաւորուած Արցախի պետական անձնաւորութիւններու ազատ արձակում։
բ) Մարդասիրական օժանդակութիւն Արցախի մեր զաւակներուն։
գ) Միջազգային երաշխիք արցախցիներուն վերադարձի իրաւունքին:
Միաբանութիւնը իր խոր ընդվզումը յայտնեց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի խաղաղ հայ բնակչութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմին եւ բռնի ոյժով զայն իր պատմական հողերէն հեռացնելու անարգ քաղաքականութեան, որ իր մօտեցումով, եղանակով ու նպատակով ցեղասպանութիւն էր: Միաբանութիւնը նաեւ խստօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նախկին եւ ներկայ պետական պատասխանատուներուն ձերբակալումը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ շարունակուող սպառնալիքները: Ապա, ան կոչ ուղղեց Հայաստանի իշխանութեան, որ առաջնահերթութիւն ընծայէ Հայաստան ապաստանած Արցախի ընտանիքներուն՝ օժանդակութեան յատուկ ծրագիրներ մշակելով, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքին՝ նոյն նպատակին համար անհրաժեշտ օժանդակութիւնը կատարելու:

Նմանատիպ նյութեր
1937 դիտում
10:13 28-10-2021
Հայաստանը չպետք է վարի միաբևեռ քաղաքականություն․ «Հայաստանի Հանրապետություն»
856 դիտում
17:45 29-02-2024
Եվրոպական սանկցիաների սպառնալիքը Բաքվին պետք է հուշի, որ ավելի հավասարակշռված քաղաքականություն վարեն. Եղոյան
2276 դիտում
10:35 10-10-2019
Վարչապետը պետք է օրինակ ծառայի «ֆեյսբուքահայերի» համար՝ զերծ մնալով «աղբանոց» կամ «վնգստալ» բառերից․ «Առավոտ»
Այս բաժնից
1294 դիտում
14:51 25-12-2024
Օդի ջերմաստիճանը կնվազի, սպասվում են տեղումներ
856 դիտում
13:31 25-12-2024
Հարկային ստուգումներից առաջ այլևս չենք հրապարակելու ընկերությունների անունները. ֆինանսների նախարար