211652_close_icon
views-count1689 դիտում article-date 23:34 03-02-2022

Անն­կուն կամ­քով մեր ազ­գին Դա­տը հե­տապն­դե­լու հրա­մա­յա­կա­նին առ­ջեւ կը գտնո­ւինք. ՀՅԴ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէ

Հա­յաս­տան-Ար­ցախ եւ Ս­փիւռ­քի մէջ ապ­րող ամ­բողջ հա­յու­թեան հա­մար ճա­կա­տագ­րա­կան այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին՝ Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մի ծանր պար­տու­թե­նէն ու ան­կէ ետք յա­մե­ցող հար­ցե­րէն ետք, բայց մա­նա­ւանդ վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն Ատր­պէյ­ճա­նէն հնչող յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ու հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին շրջա­նա­ռո­ւող լու­րե­րուն, ծրագ­րո­ւող հան­դի­պում­նե­րուն եւ քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն լոյ­սին տակ, հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քի ժո­ղո­վուր­դը ոտ­քի է ու լրջօ­րէն մտա­հո­գո­ւած, իր բո­ղոքն ու ընդվ­զու­մը յայտ­նե­լով, ընդ­դէմ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք՝ ներ­սէն կամ դուր­սէն, դե­րա­կա­տար կ­‘ու­զեն դառ­նալ հա­յու­թեան ա­պա­գա­յին։

Ընդվ­զու­մը շեշ­տա­կի է, մա­նա­ւանդ հայ­րե­նի իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու կե­ցո­ւած­քին պատ­ճա­ռով, ան­կէ հնչող հա­կա­սա­կան կամ ան­հանգս­տաց­նող խօս­քե­րուն պատ­ճա­ռով ու մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու դուռ բա­ցող յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ, ո­րոնք փո­խա­նակ հա­յու­թեան շա­հե­րուն տէր կանգ­նե­լու, ան­յոյս վի­ճակ մը կը պար­տադ­րեն։

Ար­դա­րօ­րէն, ճա­կա­տագ­րա­կան այս օ­րե­րուն, Ս­փիւռ­քը ոտ­քի է, դի­մադ­րե­լով այն բո­լոր ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք հա­յու­թեան վրայ կը ճնշո­ւին, ­Թուր­քիոյ հետ բա­րի դրաց­նու­թեան եւ այս­քան տան­ջո­ւած խա­ղա­ղու­թեան մը գա­ղա­փա­րը դաշտ բե­րե­լով, թիւր տպա­ւո­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու, սահ­մա­նա­զա­տու­մի, սահ­մա­նագ­ծու­մի, զա­նա­զան հար­թակ­նե­րու ստեղծ­ման քա­ղա­քա­կան հա­շիւ­նե­րու պար­տադ­րու­թեան տակ։

­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք Ս­փիւռ­քի մէջ ապ­րող 3-րդ­ ու 4-րդ ­սե­րունդ­նե­րու հայ­կա­կան ինք­նու­թեան պահ­պա­նումն ու ա­պա­գան, ամ­բող­ջա­կա­նօ­րէն կա­պո­ւած են ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հո­լո­վոյ­թով, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­պա­հո­վու­թեան ու տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պա­նու­մով, Ար­ցա­խի ա­զա­տու­թեան ու ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի ար­դար ի­րա­վի­ճա­կով եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած սե­րունդ­նե­րուն ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեամբ։ Այս պատ­ճառ­նե­րով է, որ Ս­փիւռ­քը, իր քա­ղա­քա­կան բո­վան­դակ բնոյ­թով, եր­բեք չի կրնար հան­դուր­ժել հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու ոտ­նա­հա­րումն ու շրջան­ցու­մը։

Ա­ռա­ւե­լա­բար ու մա­նա­ւանդ, երբ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով կազ­մա­ւո­րո­ւած սփիւռ­քեան գա­ղութ­նե­րուն հա­մար ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը, հա­տուց­ման պա­հանջն ու հա­յու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար պայ­քա­րը՝ քա­ղա­քա­կան են­թա­հո­ղը կազ­մող հիմ­նա­կան տար­րե­րը ե­ղած են:

Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
«Եռագոյն»

 

Նմանատիպ նյութեր