211652_close_icon
views-count14496 դիտում article-date 14:18 04-01-2017

Հալէպի Բոլոր Ազգային Կառոյցներու Վերականգնումի Աշխատանքներուն Մեկնարկը Յայտարարուեցաւ․ «Ասպարէզ»

ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Նոր Տարուան առաջին օրը պատմական օր էր Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին եւ ամբողջ հալէպահայութեան համար: Կիրակի, 1 Յունուար 2017ին, Ճեմարանի շրջափակին մէջ հաւաքուած էին հարիւրաւոր հայորդիներ, ճեմարանականներ՝ վերստին ապրելու ճեմարանի նախապատերազմեան շէնութիւնը: ՀՄԸՄի փողերախումբը հնչեցուց ազգային-յեղափոխական երգեր, թնդացնելով հինգ տարիներէ ի վեր պատերազմական բախումնային գօտիի մէջ յայտնուած ու թնդանօթներու եւ հրթիռներու թիրախ դարձած, սակայն կանգուն մնացած Ճեմարանն ու Նոր Գիւղը: Այնուհետեւ հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ Պատկան մարմնին, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանի, Ազգային վարչութեան, Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան, տեղի ունեցաւ Ճեմարանի տօնածառին լուսաւորումը, իբրեւ խորհրդանիշ մեր կեանքի շարունակականութեան ու գաղութի վերականգնումին: Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան նախ շնորհաւորեց ճեմարանականներն ու ողջ հալէպահայութիւնը Ճեմարանի վերաբացման համար ու նոր տարուան առաջին օրը մեկնարկը յայտարարեց Ճեմարանի, Նոր Գիւղի եւ Հալէպի բոլոր ազգային կառոյցներու վերականգնումի աշխատանքներուն: «Այսօր, Ճեմարանի մէջ կը սկսինք մեր նոր տարին: Պիտի սկսինք ու շարունակենք մեր վերականգնումի աշխատանքները, իսկ Ճեմարանի շրջանաւարտները այս տարուան իրենց վկայականները պիտի ստանան ա՛յս բեմէն», ըսաւ տնօրէնը: Ապա Բերիոյ թեմի բարեջան առաջնորդը ժողովուրդին ուղղելով իր խօսքը խնդրեց վառած մոմերը բարձրացնել ու մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել յիշատակը մեր բոլոր նահատակներուն: Հոդվածն ամբողջությամբ՝ [url=http://asbarez.com/arm/272271/]«Ասպարէզ»[/url] օրաթերթի այսօրվա համարում։

Նմանատիպ նյութեր